2012-04-25 13:20:47

ԱՄՆ-ի Եպիսկոպոսները կը Խնդրեն Գուպայի դէմ Շրջափակումի Վերացումը ` Նեցուկ Կանգնելով Գուպացիներու Ազատութեան Ակնկալութիւններուն։


Միացեալ Նահանգներու Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասի ՝՝Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն՝՝ Յանձնախումբի նախագահ Գերայծառ Ռիչարտ Բադէս խնդրեց որ ԱՄՆը վերջ դնէ տնտեսական շրջափակումին Գուպայի դէմ։ Խնդրագիրը ուղղուած է ԱՄՆի պետական քարտուղար տիկին Հիլարի Գլինթընին։ Գերայծառ Ռիչարտ կը պահանջէ վերացումը տնտեսական բոլոր արգելքներուն Գուպայի դէմ, ընդգծելով որ երկու պետութիւնները կարիքն ունին ՝՝լուրջ երկխօսութեան ու դիւանագիտական յարաբերութիւններու կատարեալ հաստատումին՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.